Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հաղորդագրութիւնը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն, որոնք լրջօրէն կը վտանգեն Հայաստանի եւ հայութեան ազգային անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը: Հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, պետական սահմանի բացման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին հրապարակուած փաստաթուղթերը ունին պարտուողական բնոյթ եւ կ’ընդգրկեն Թուրքիոյ կողմէ քողարկուած նախապայմաններ: Արդարեւ, հայ-թրքական ներկայ սահմանը վերահաստատելու քայլը անուղղակիօրէն կը կատարէ Կարսի պայմանագիրը … Continue reading Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հաղորդագրութիւնը